2015-01-17 08:53:27

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին` Թաքլոպանի պաշտօնական քարոզին պարունակութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Թաքլոպանի կղզին հարուածող ծանր փոթորիկի մը պատճառաւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի` շաբաթ 17 յունուարի յայտագիրը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ եւ Նորին Սրբութիւնը ժամանակէն առաջ ստիպուած եղաւ կղզին թողուլ ու վերադառնալ Մանիլա։
Տեղատարափ անձրեւի տակ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը մէկդի դնելով անգլերէն լեզուով պատրաստուած պաշտօնական քարոզը որուն պարունակութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ խնդրեց անպատրաստից խօսիլ սպաներէն լեզուով, բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ որոնք հակառակ մրրիկին ու փոթորիկին Թաքլոպանի օդակայանին տարածքին կը գտնուէին, մասնակցելու Ֆրանչիսկոս Պապին մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապին պաշտօնական քարոզին մէջ կը կարդանք։
Ո՜րքան մխիթարական խօսքեր լսեցինք այսօրուայ Աւետարանի ընթերցումէն։ Մեզի ըսուեցաւ որ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Որդին է, մեր Փրկիչը, մեր գերագոյն Քահանայապետը, որ մեզի կ’ընծայէ ողորմութիւն, շնորհք ու օգնութիւն մեր տկարութիւններու պահերուն։ Ան կը բուժէ մեր վէրքերը, կը ներէ մեր մեղքերը, ու մեզ կը կանչէ իր աշակերտները ըլլալու, ինչպէս ըրաւ սուրբ Մատթէոսին հետ։ Գովաբանենք զինք իր սիրոյն համար, ողորմութեան ու կարեկցութեան համար։ Գովաբանենք մեր մեծն Աստուածը։
Գոհութիւն կը մատուցանեմ Յիսուսի` Տիրոջ, որովհետեւ այս առաւօտ միասին կը գտնուինք։ Ձեր երկիրը եկայ ձեզի հետ ըլլալու, այս քաղաքին մէջ, որ ''Եոլանտա'' մրրիկէն կործանեցաւ 14 ամիսներ առաջ։ Հօր մը սէրը կը բերեմ, համայն եկեղեցւոյ աղօթքը. խոստումը որ դուք չէք մոռցուած, մինչ կը շարունակէք վերակառուցումը։ Հոս` երկրագունդի պատմութեան, ամենաուժեղ փոթորիկը յաղթուեցաւ տիեզերքի ամենազօր ոյժէն` Աստուծոյ սէրէն։ Այսօր ձեր մէջ կը գտնուինք վկայութիւն տալու այս սիրոյն, անոր զօրութեան, որ կարող է փոխակերպել մահն ու աւերը կեանքի ու հասարակաց պատկանելիութեան` հաղորդութեան։ Քրիստոսի յարութիւնը, որ կը տօնենք այս ս. Պատարագին ընթացքին, մեր յոյսն է, իրականութիւն մը որ այժմ կը փորձարկենք։ Մենք գիտենք որ յարութիւնը կու գայ միմիայն խաչէն ետք, այդ խաչը որ դուք տարիք Աստուծմէ տրուած է հաւատքով, արժանաւորութեամբ ու զօրութեամբ։
Մենք միասին հոս համախմբուած ենք նախ եւ առաջ աղօթելու անոնց համար որ մեռան, որ կորսուած են ու վիրաւորուած։ Հանգուցեալները Աստուծոյ ներկայացնենք որպէսզի գտնեն ողորմութիւն ու խաղաղութիւն։ Մեր սրտերը տխուր են անոնց բացակայութեան պատճառաւ։ Սակայն ապագան դիտենք հաւատքի աչքով։ Տէրը վշտահարներուն խոստացաւ մխիթարութիւն։ Հոս կը գտնուինք նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ իր օգնութեան համար կարիքի պահուն։ Ան ամենախնամ Տէրն է։ Նոյնպէս մեր շնորհակալութիւնը յայտնենք բոլոր անոնց որոնք ձեր օգնութեան հասան։ Ես, ըսաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, անձնապէս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր իւրաքանչիւրին, որովհետեւ ''այս ամէնը որ փոքրիկ եղբայրներէս մէկուն ըրիք` ինծի ըրիք''։
Նոյնպէս այս ս. Պատարագին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ այն բոլոր այրերուն ու կիներուն որոնք նուիրուեցան օգնութեան հասնելու աղէտեալներուն, իրենց ժամանակը, դրամը ու ինչքերը տրամադրելով։ Կառավարութիւններուն, միջազգային հասարակութեան պատասխանատուներուն, բարերարներուն ու բարեացակամ մարդոց կ’ըսեմ ''մի յոգնիք'' շարունակեցէք բերել ձեր սատարը։
Աղօթենք որպէսզի հաստատ մնանք հաւատքին մէջ հակառակ բոլոր կրած նեղութիւններուն։ Թող մեր վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ մնայ անսասան։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր այս մեծ փորձանքին ընթացքին, դուք յատուկէն զգացիք Աստուծոյ շնորհքին ներկայութիւնը Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ` մշտնջենական օգնութեան Տիրամօր միջոցաւ։ Ան մեր մայրն է։ Թող ան օգնէ ձեզի յարատեւելու հաւատքի ու յոյսի մէջ, բարեխօսութեամբ Լորէնցօ Ռոյզ եւ Փետրօ Քալունկսոտ սուրբերու։ Թող Տիրամայրը շարունակէ հայցել ձեզի համար Աստուծոյ ողորմութիւնն ու կարեկցութիւնը ձեր հայրենիքին ու սիրեցեալ Ֆիլիփինցիներուն։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.